2014-07-03 09:56:34

Կոմիտասի 145-ամեակին նուիրուած համերգ` Թոքիոյի մէջ։


Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թոքիոյի “Կինզա-Եամահա” համերգասրահին մէջ այսօր տեղի ունեցած է ճափոնցի դաշնակահար Դագահիրօ Ագիպայի մենահամերգը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Համերգին, որուն ներկայ եղած են ճափոնցի արուեստասէրներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` Ռոբերտ Անդրէասեանի եւ Գէորգի Սարաճեանի մշակումով:
Թագահիրօ Ագիպան ուսանած է Թոքիոյի արուեստներու համալսարանի դաշնամուրի բաժնին մէջ, այնուհետեւ կատարելագործուած Մոսկուայի Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: 2013թ. Գերմանիոյ մէջ իրականացած “Կոմիտաս” միջազգային փառատօնին Թագահիրօ Ագիպան արժանացած է առաջին մրցանակի:








All the contents on this site are copyrighted ©.